2011-01-14 12:58:24

Գաղթականներու Եւ Փախստականներու Համաշխարհային 97-րդ Օր`
''Մէկ Մարդկային Ազգ'' Բնաբանով։


Կիրակի օրը, 16 յունուար 2011-ը, Գաղթականներու եւ փախստականներու համաշխարհային 97-րդ օրն է։ Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պատգամ մը ուղղած է ''Մէկ Մարդկային Ազգ'' բնաբանով։ Ճենովայի թեմին մէջ մեծ հանդիսութեամբ պիտի յիշատակուի այդ օրը, այս առթիւ խօսք պիտի առնէ կարտինալ Պանիասքօ՝ առաջնորդը քաղաքի թեմին եւ նախագահը Իտալիոյ եպիսկոպոսական դասին։ Նոյնպէս Հռոմի մէջ հանդիսաւոր պատարագ պիտի մատուցուի Սրբուհի Բուտենցիանա՝ պազելիքայի մէջ, ուր մասնաւորապէս կը նախատեսուի մասնակցութիւնը լատին ամերիկայի, փիլիպպեան կղզեխումբի ու ռումանացիներու մասնակցութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.